2015-09-16 11:30:00

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը` ''Աղօթքով ընկերացէք յառաջիկայ առաքելական ճամբորդութեանս''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի` 16 սեպտեմբերին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ տեղի ունեցայ հրապարակին ունկնդրութեան աւարտին, Ֆրանչիկսոս Պապ ողջոյնի խօսք ուղղելով այնտեղ համախմբուած ուխտաւորներուն, յայտնեց թէ ''յառաջիկայ շաբաթ օր, առաքելական ճամբորդութեամբ կը մեկնիմ Քուպա եւ Միացեալ Նահանգներ։  Առաքելութիւն մը որ կ՛իրագործեմ մեծ յոյսով։ Ճամբորդութեան գլխաւոր նպատակն է ''Ընտանիքներու համաշխարհային ութերորդ հաւաքը'' որ տեղի պիտի ունենայ Ֆիլատելֆիյաի մէջ։ Պիտի այցելեմ նաեւ ՄԱԿ-ի կենդրոնը, այդ հաստատութեան հիմնադրութեան 70-րդ տարեդարձին առթիւ։

Այժմէն իսկ սիրով կ՛ողջունեմ Քուպայի եւ Միացեալ նահանգներու ժողովուրդները որոնք, առաջնորդուած իրենց հովիւներէն, հոգեպէս պատրաստուեցան։

Բոլորէն կը խնդրեմ որ ինծի ընկերանաք աղօթքով, հայցելով Սուրբ Հոգւոյն լոյսն ու զօրութիւնը եւ Ամենասուրբ Մարիամի բարեխօսութիւնը, Քուպայի պաշտպան Սրբուհի` Վիրճին Տէ լա Քարիտատ Տէլ Քոպրէի եւ Միացեալ Նահագներու պաշտպան սրբուհի Անարատ Յղութեան Տիրամօր։

 

Միշտ յառաջիկայ շաբաթ օր - շարունակեց Ֆրանչիսկոս Պապը -  Սան Մինիաթոյի մէջ, Երանելի պիտի հռչակուի Փիօ Ալպերթօ Տէլ Քորոնան, այդ թեմին երբեմնի եպիսկոպոսը եւ հիմնադիրը Սուրբ Հոգւոյն Տոմինիքեան քոյրերու միաբանութեան։ Ան եղաւ նախանձախնդիր առաջնորդ ու դաստիարակ, իրեն վստահուած ժողովուրդին։ Անոր օրինակը եւ անոր բարեխօսութիւնը օգնեն Եկեղեցւոյ` քալելու Աւետարանի հոգիով ու տալու բարի գործերու պտուղներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.